2012-10-24 13:21:26

Նափոլի Թեմի Առաջնորդը Հրապարակաւ Դատապարտեց <<գամոռայի>> Անդամները։


Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի առաջնորդը կարդինալ Սեփէ խստիւ դատապարտած է Նափոլիի <<գամոռա>> ոճրագործ ու մարդասպան կազմակերպութեան անդամները, <<գամոռայի>> ձեռքով սպաննուած անմեղ երիտասարդ Լինօ Ռոմանոյի յիշատակին կատարուած ջահագնացութեան ցուցարշաւի մը ընթացքին, որուն մասնակցած էին աւելի քան 2000 հոգիներ։
Իր արտասանած ճառին մէջ Կարդինալ Սեփէն խօսքը ուղղելով չարագործ գամոռայի անդամներուն բացականչած է. <<դուք որ մահ կը սփռէք, գիտցէք որ արդէն իսկ մահուան դատապարտուած էք` ըլլայ այս կեանքին ընթացքին, ըլլայ անդիականութեան մէջ։ Այս մահը սփռնողները չեն խնայեր ոչ իսկ անմեղներու կեանքը, ըսաւ կարդինալը մատնանշելով որ երիասարդ Լինօն այդ շարքի վերջինը եղաւ ու հաստատելով սակայն թէ անոնց մահը ապարդիւն պիտի չմնայ։
Նափոլիի առաջնորդը շնորհաւորեց ցուցարարները ըսելով <<ձեր այս մասնակցութեամբ դուք ցոյց տուիք ձեր հակառակութիւնը եւ կազմակերպուած ոճիրներուն դիմաց ձեր ընդդիմութիւնը։ Կարդինալը ապա գամոռան որակեց որպէս ընկերութեան ''խլիրդ''։









All the contents on this site are copyrighted ©.